image
Հրատապ լուրեր:

«Մի յարձակիք ձեր արաբ հարեւաններուն վրայ» Իսրայէլացի ռաբբի

«Մի յարձակիք ձեր արաբ հարեւաններուն վրայ» Իսրայէլացի ռաբբի

 

Իսրայէլի երկու գլխաւոր ռաբբիներէն մէկը՝ գլխաւոր սեֆարտեան ռաբբի Եիցակ Եոսեֆը, չորեքշաբթի իսրայէլցի հրեաներուն կոչ ըրած է չյարձակիլ իրենց արաբ համաքաղաքացիներու վրայ՝ ի պատասխան վերջիններուս կողմէ աճող բռնութեան: Այս մասին յայտարարած է իսրայէլական հեռուստատեսութեան եօթերորդ ալիքը, գրած է ТАСС-ը:
 «Իսրայէլի մէջ անմեղ խաղաղ բնակիչները կ'ենթարկուին ահաբեկչական կազմակերպութիւններու յարձակման, կիրքերը կ'եռան, եւ մեր սիրտերը վրդովմունքով կը լեցուին, դժուար է դիտել, թէ ինչ կը կատարուի», - ըսած է սեֆարտեան գլխաւոր ռաբբին,- «սակայն մենք պէտք չէ ենթարկուինք սադրանքներու, յարձակինք մարդոց վրայ կամ վնասենք ունեցուածքը…»:

 

Եոսեֆն իր համաքաղաքացիները յորդորած է չդիմել ինքնադատաստանի եւ չփորձել վրէժ լուծել, ինչպէս եղաւ Լոտ քաղաքին մէջ, ուր արաբներու անկարգութիւններէն եւ սինակոկներու վրայ յարձակումներէն ետք կը հաղորդուէին հրեաներու կողմէ յարձակման դէպքերու մասին:
 «Կարգը վերականգնելու գործը պէտք է թողնել ոստիկանութեան», -ըսած է ան,- «Մենք պէտք է լոյս ըլլանք այլ ժողովուրդներու համար, եւ ոչ թէ հակառակը»: