Նախագահ Արմէն Սարգսեանի հրամանագրերով Մհեր Գրիգորեանը եւ Տիգրան Աւինեանը նշանակուած են փոխվարչապետեր։
ՀՀ նախագահի պաշտօնական կայքէջի հաղորդմամբ՝ նշանակումներու համար հիմք ընդունուած է վարչապետի առաջարկութիւնը` համաձայն Սահմանադրութեան 150-րդ յօդուածի։
Աւինեանը եւ Գրիգորեանը անցած տարուան հոկտեմբերին Նիկոլ Փաշինեանի կառավարութեան հրաժարականէն ետք փոխվարչապետերու պաշտօնակատարներ էին: