image

Մեծ ջանքեր կը գործադրենք Այնճարը կանգուն պահելու համար. Սեւան Աբէլեան

Մեծ ջանքեր կը գործադրենք Այնճարը կանգուն պահելու համար. Սեւան  Աբէլեան

2019ը տարին կը զուգադիպի Այնճարի հիմնադրութեան 80-ամեակին:

Այնճար գիւղաքաղաքը կը գտնուի Պէքաայի հովիտին մէջ, Սուրիոյ սահմանին վրայ: Այնճարի ժողովուրդը եկած է ներկայիս Թուրքիոյ Անտիոքի շրջանը գտնուող Մուսա Լեռէն:

1915 թուի Ա. Համաշխարհային պատերազմին, Մուսա լերան ժողովուրդը այն բաժինը, որ լեռ չի բարձրացաւ գաղթի գնաց եւ հասաւ մինչեւ Սուրիոյ Հոմս քաղաքը, Տէր Զօր: Ապա շրջան մը վերջ կը վերադառձան իրենց հայրենի տունը:

Մուսա լեռը եղած է կարեւոր կեդրոն մը նախքան տարագրութիւն: Շատ մը վաճառականներ եկած են ծախելու իրենց արտադրութիւնները: Պիթիաս գիւղը եղած է կարեւոր ամառանոց մը: Նոյնիսկ Հալէպէն շատ մը հայեր ամառուայ շրջանին եկած են Պիթիաս եւ վայելած գեղեցիկ բնութիւնը:

Մուսա լերան ժողովուրդը 1939 թուականին եկած եւ հաստատուած է Այնճար: Սակայն՝ նախքան հասնին Այնճար անոնք կը հաստատուին Պասիթի շրջանը Սուրիոյ մէջ որ կը գտնուի Լաթաքիոյ եւ Քեսապի միջեւ՝ (ծովեզերեայ շրջան մը): Սակայն՝ թուրքիոյ կառավարութիւնը չուզեր որ հոն հայեր ապրին: Ֆրանսացիներ զիրենք կը բերեն Այնճար: Այս նոր գիւղի հողերը գնուած էին Գալուստ Կիւլպէնկեանի եւ Ֆրանսայի կառավարութեան կողմէ:

Սկիզբը՝ անոնք նաւերով կու գան Թրիփոլի ապա Րայագ (Զահլէն 15 վրկ. Հեռու) հոն իրենց կու տան կերակուր , պտուղ: Ապա, փոխադրակարգերով զիրենք կը բերեն  Այնճար վերջնականապէս հոն հաստատուելու:

Մուսա լեռը կը բաղկանար վեց գիւղերէ: Խտրպէկ, Պիթիաս, Հաճի Հապապլի, Քապուսիէ, Եօղուն Օլուք եւ Վագըֆ: Ժողովուրդը երբ եկաւ Այնճար սկիզբի շրջանին ապրեցաւ վրաններու տակ, բերդին աւերակներուն վրայ (բերդը հողերու տակ թաղուած էր): Ապա իւրաքանչիւր ընտանիքի տրուեցաւ մէկ սենեակ եւ քովը բաղնիք մը ու հողաշերտ մը: Կարգ մը ընտանիքներ կը բաղկանային 10 – 12 անհատներէ եւ բոլորն ալ նոյն տունը կ՛ապրէին:

Ֆրանսացիները գիւղը այնպէս մը կառուցեցին, որ երբ վերէն դիտես արծիւի ձեւ ունի: Կարգ մը թաղերու վրայ կան յատուկ աղբիւրներ, ուրկէ ժողովուրդը ջուր կը կրէր փոխանակ աղբիւր երթալու:

Այնճարի մէջ կը գործէ երեք եկեղեցիներ: Իւրաքանչիւր եկեղեցիի քով կը գտնուի  դպրոց: Առաքելական, Աւետարանական եւ Կաթողիկէ: Այստեղ կ՛արժէ յիշել որ կաթողիկէ դպրոցը ունի իր սանուց տունը, իսկ աւետարանական դպրոցը իր գիշերօթիկը որ միակն է սփիւռքի մէջ:

Սկիզբի տարիներուն, ժողովուրդը կը զբաղէր հողագործութեամբ եւ անասնապահութեամբ: Ապա երիտասարդները կամաց-կամաց սկսան տարբեր արհեստներ սորվիլ:

Մուսա լեռ – Այնճարը ունցեած է մեծ թիւով գրագէտներ, անոնցմէ կարելի է յիշել Եդուարդ Պօյաճեան, Պետիկ Հերկէլեան, Թովմաս Հապէշեան:

1915ին, Մուսա լերան ժողովուրդը, գլխաւորութեամբ Վեր. Տիգրան Անդրէասեանի եւ Մովսէս Տէր Գալուստենաի լեռ բարձրացած են որպէսզի փրկուին: Երբ անոնք հոն էին, ծովուն մէջ կը տեսնեն նաւ մը: Ժողովուրդին ձեռքին կար ճերմակ կտոր մը որուն վրայ կար կարմիր խաչ  մը: Երբ նաւուն վրայ գտնուողները կը տեսնեն դրօշակը կու գան եւ կ՛ազատեն ժողովուրդը: Անոնց կը կը տանին Փոր Սայիտ, Եգիպտոս եւ չորս տարի հոն կ՛ապրին: 1939ին անոնց կը բերեն Լիբանան: Սակայն՝ խումբ մը Մուսալեռցիներ, որոնք չուզեցին ձգել իրենց հայրենի գիւղը եւ մնացին Մուսա լեռ, Վագըֆ գիւղը: Անոնք՝ կը խօսին Մուսա լերան բարբառը որ կը կոչուի «քիստինէկ» եւ թրքերէն: Այժմ Վագըֆը միակ հայկական գիւղն է Թուրքիոյ տարածքին, ուր տակաւին կ՛ապրին մի քանի տասնեակ Մուսա լեռցիներ:Կարգ մը ընտանիքներ որպէսզի փրկեն իրենց զաւակները ձգած են Մուսա լեռը եւ հաստատուած են օտար երկիրներ, սակայն ամրան արձակուրդին կ՛այցելեն իրենց հայրենի գիւղը:

Մուսա լեռ ապրող հայերը ամէն տարի Օգոստոսին, Աստուածածնայ տօնին հերիսա կ՛եփեն եւ կը բաժնեն հիւրերուն: Ինչպէս նաեւ իրենց արտադրութիւնները, մեղր, լոլիկի ջուր, ձեռագործ կը ծախեն այցելուներուն: Իսկ Այնճարի մէջ ալ ամէն տարուայ Սեպտեմբեր ամսուն  15ին կ՛եփեն հերիսա եւ կը յիշեն Մուսա լերան հերոսամարտը եւ խաչի տօնը: Տօնակատարութիւնը կը սկսի շաբաթ երեկոյեան ուր հազարաւոր հայեր Լիբանանէն թէ արտասահմանէն կու գան Այնճար ներկայ գտնուելու տօնակատարութեան: Հերիսան կ՛եփեն մինչեւ առտու եւ պատարագէն վերջ կը բաժնուի ուխտաւորներուն:

Ներկայիս, Այնճարը շէն գիւղաքաղաք մըն է: Հոն կարելի է այցելել Օմայատներու աւերակները: Ինչպէս նաեւ ականաւոր գրագէտ Պօղոս Սնապեանի տուն թանգարանը:  Կան մեծ թիւով ճաշարաններ որ պատճառ կը դառնայ որպէսզի աւելի մեծ թիւով այցելուններ այցելէն Այնճար:

Գիւղի պատկան մարմինները ջանք չեն խնայեր որպէսզի գիւղը պահուի եւ առաջ երթայ, որովհետեւ օտար ափերուն վրայ պահել հայկական գիւղ մը իր հայեցի ինքնութեամբ՝ բաւական զոհողութիւն կը պահանջէ:

 

                                                                                                            Սեւան Ճ. Աբէլեան