image
Հրատապ լուրեր:

«Մեր կառավարութիւնը ընդհարումի կառավարութիւն պիտի չըլլայ»Հասսան Տիապ

«Մեր կառավարութիւնը ընդհարումի կառավարութիւն պիտի չըլլայ»Հասսան Տիապ

 Լիբանանի  նորանշանակ  վարչապետ Հասսան Տիապ ուշագրաւ   յայտարարութիւն մը կատարելով   նկատել   տուած է, որ  իր  կազմելիք կառավարութիւնը  ընդհարումի կամ բախումի կառավարութիւն մը պիտի չըլլայ։

 Տիապ, որ   նոր կառավարութիւն մը կազմելու առընթեր այսօր   խորհրդակցութիւններ  պիտի կատարէ  նաեւ ըսած է, թէ ինք պատրաստ է գործակցիլ բոլոր կողմերուն հետ եւ   գործադրել  երկիրը տագնապէն  դուրս բերող    տնտեսական բարեփոխումներ։

 

 

 Նշենք, որ Տիապի  այս  յայտարարութիւնները կը կատարուին  այն պահուն, երբ արեւմտեան   մամուլի մէկէ աւելի ներկայացուցիչ  Տիապը  կը համարեն «Հըզպալլա»ի  թեկնածուն, հետեւաբար նաեւ իր կազմելիք  կառավարութիւնը  «Հըզպալլա»ի  կառավարութիւն։