Մեկնարկած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորած պատուիրակութեան այցը Լիւքսեմպըրկ։
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի պատուիրակութեան կազմին մէջ են ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեան, վարչապետի գլխաւոր խորհրդական Արսէն Գասպարեան, վարչապետի օգնական Հրաչեայ Թաշճեան։
Այցին ծիրէն ներս՝ վարչապետը հանդիպում պիտի ունենայ Լիւքսեմպըրկի կառավարութեան ղեկավար Քսաւիէ Պեթելի հետ: Նախ տեղի պիտի ունենայ երկու երկիրներու վարչապետներուն առանձնազրոյցը, այնուհետեւ հանդիպումը պիտի շարունակուի ընդլայնուած կազմով:
Լիւքսեմպըրկի Պատգամաւորներու պալատի նախագահ Ֆերնանտ Էթկէնի անունով՝ ի պատիւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի՝ պիտի տրուի ճաշ, որմէ ետք՝ վարչապետը հանդիպում պիտի ունենայ Լիւքսեմպըրկի Պատգամաւորներու պալատի պատգամաւորներուն հետ:
Օրուան երկրորդ կիսուն՝ վարչապետը պիտի մեկնի Պրիւքսէլ: Եւրոպական խորհուրդի շէնքին մէջ, Նիկոլ Փաշինեան պիտի մասնակցի Արեւելեան գործընկերութեան տասնամեակին նուիրուած պաշտօնական ընթրիքին, որ պիտի տրուի Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Տանըլտ Թուսքի անունով: