Անցնող օրերուն քաղաքական նոր ալեկոծումներ սկսած են հարուածել Լիբանանը: Լրատուական մէկէ աւելի աղբիւրներ կը խօսին երկրի սիւննի վարչապետ Թամմամ Սալամի հաւանական հրաժարման մասին: Ներ- քաղաքական տագնապը կը թէժանար մասնաւորապէս հինգշաբթի օր, երբ երկրի քրիստոնեայ գլխաւոր թեւը՝ Աունի «Ազգային ազատ հոսանք»ի նախարարները պոյքոթի կ'ենթարկէին կառավարութեան նիստը, այդպիսով նեղ կացութեան մատնելով վարչապետ Սալամն ու «խափանելով» կառավարութեան գործունէութիւնը: «Ազգային ազատ հոսանք»ի որոշումին համընթաց նիստէն կը բացակայաէին նաեւ ՀՅԴ-ի ներկայացուցիչ նախարար ՝ Արթիւր Նազարեան եւ անկախ նախարար ՝ Միշէլ Ֆարհոն: Յիշեցնենք, որ շուրջ ամիս մը առաջ «Փաղանգաւոր» կուսակցութեան նախարարներ, որպէս բողոք կառավարութեան ընդհանուր աշխատելաձեւին դէմ նոնյպէս քաշուած էին կառավարութիւնէն: Վարչապետ Սալամի մօտիկ համարուող նախարար Ռաշիտ Տըրպէս, երէկ լրատուական աղբիւրներու խօսելով ըսած է, թէ վարչապետ Սալամ շատ վրդոված է այս ընդհանուր իրավիճակէն եւ «քիչ մնաց, որ ան հրաժարական տար»: Յիշեցնենք, որ կառավարութեան համար տագնապ յառաջացնող գլխաւոր եւ վիճահարոյց խնդիրներն են՝ երկրին մէջ աղբահանութեան հարցը, ապահովական մարմիններու ղեկավարութեան պաշտօնավարութեան աւարտի եւ նոր պատասխանատուներու նշանակման հարցը , ինչպէս նաեւ տարեկան նիւթական պիւտճէյի քննարկման խնդիրը: Անշուշտ այս բոլորին վրայ պէտք է աւելցնել, այն որ Լիբանան արդէն 2 տարի եւ 3 ամիսէ ի վեր կը շարունակէ մնալ առանց նախագահի, բան մը որ քաղաքական պարապութիւն կը ստեղծէ համայնքային դրութեամբ գործող երկրին համար: