image

Ֆրանսայէն նախազգուշացում Լիբանանի համայնքային ղեկավարներուն

Ֆրանսայէն նախազգուշացում Լիբանանի համայնքային ղեկավարներուն
Ֆրանսան նախազգուշացուցած է Լիբանանի առաջնորդները Փարիզի կողմէ սպասուող պատժամիջոցներու մասին, որոնք ուղղուած պիտի ըլլան նոր կառավարութեան ձեւաւորումը արգելափակող լիբանանցի պաշտօնեաներու դէմ, կը հաղորդէ AP-ն:
Ֆրանսայի ներքին առեւտուրի նախարար Ֆրանք Ռիսթերը Պէյրութի նաւահանգիստ կատարած այցի ընթացքին յայտարարած է, որ Լիբանանի քաղաքական վերնախաւի ներկայացուցիչը չեն իրագործած իրենց յայտարարած բարեփոխումները, եւ նախազգուշացուցած է Ֆրանսայի կողմէ պատժամիջոցներու առաջին ալիքի մասին: «Ֆրանսան կը յարգէ իր խոստումները՝ ի տարբերութիւն Լիբանանի իշխանութիւններու, որոնք չեն իրականացուցած բարեփոխումներ»,-ըսած է Ռիսթերը: «Այսպէս չի կրնար շարունակուիլ»:
Լիբանանի մէջ աննախադէպ տնտեսական եւ ֆինանսական ճգնաժամ է, որ կը խորանայ քաղաքական փակուղիի պատճառով, որու հետեւանքով օգոստոսէն երկիրը չունի լիարժէք գործող կառավարութիւն:
Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնը երկու անգամ այցելած է Պէյրութ՝ նաւահանգիստին մէջ պայթումէն ետք, ճնշում գործադրելով լիբանանցի քաղաքական գործիչներու վրայ բարեփոխումներ իրականացնելու նպատակով, որ լուծէ միջազգային ներդրումներու ու միլիառաւոր տոլարներու չափով պարտքերու հարցերը:
Լիբանանի վարչապետ Հասան Տիապի կառավարութիւնը հրաժարական տուած էր 4 օգոստոսին՝ Պէյրութի նաւահանգիստի մէջ որոտացած պայթումէն քանի մը օր անց:
Ռիսթերը տեղեկացուցած է նախագահ Միշել Աունին Լիբանանին ուղղուած ֆրանսական օգնութեան մասին: Հանդիպումէն ետք Ռիսթերը թուիթըրեան գրառում կատարած է, որուն մէջ նշած է, որ շուրջ մէկ տարի առաջ լիբանանցի քաղաքական առաջնորդները խոստացած էին Մաքրոնին կառավարութիւն ձեւաւորել եւ բարեփոխել իրենց երկիրը կործանումէ խուսափելու համար: «Ոչինչ եղած է»,-ըսած է ան, աւելցնելով, որ «Սա ինքնասպանութիւն է»: