Լիբանանի մէջ «Քորոնա» վարակի դէմ պայքարելու ծիրէն ներս կարեւոր ճիգեր կ՚իրականացուին։
Այս մասին տեղեկութիւնը կը հաղորդէ VDL կայանը, նշելով նաեւ, որ «Քորոնա»ի դէմ առնուող կանխազգուշացման քայլերուն առընթեր երէկ կարեւոր որոշումով հանդէս եկած են երկրի իսլամական համայնքները, որոշելով չեղեալ համարել ուրբաթ օրուան հաւաքական աղօթքներու արարողութիւնները։
Աղբիւրը նաեւ կը յիշեցնէ, որ քրիստոնեայ ու յատկապէս մարոնի եպիսկոպոսներու վերջին ժողովը անդրադարձած էր «Քորոնա» վարակին եւ խորհուրդ տուած հաւատացեալներուն կրօնական արարողութեանց ընթացքին չձեռնուիլ, ու նաեւ վարդապետներուն՝ հեռու մնալ Սուրբ հաղորդութիւնը հաւատացեալին ուղղակի բերանը փոխանցելէ, եւ բաւարարուիլ այդ Սուրբ մասը անոնց ձեռքերուն տալով։
Կը նշուի նաեւ, որ երէկ գրանցուած «Քորոնա» վարակի առաջին զոհի լուրի տարածումէն ետք կան տեղեկութիւններ, ըստ որոնց քրիստոնէական եկեղեցիներն ալ մտադիր են դադրեցնել կիրակնօրեայ բոլոր պատարագները կամ մեծ պահքի ընթացքին կայացուող կրօնական արարողութիւնները։
Յիշեցնենք, որ վերջին տուեալներուն համաձայն Լիբանանի մէջ «Քորոնա»ի վարակակիրներուն թիւը անցած է 50-ը։