image

Լիբանանի դէմ նոր ահաբեկչական սպառնալիքներ

Լիբանանի դէմ նոր ահաբեկչական սպառնալիքներ

Լիբանան  կրնայ դարձեալ թատերաբեմ դառնալ ահաբեկչական       յարձակումներու:  Այս մասին այսօր գրած է  Քուէյթեան  «Ալ Անպաա»  պարբերականը, որ նաեւ կը յայտնէ, թէ իր ունեցած  տուեալներով  ահաբեկչական խմբաւորումներ   կը պատրաստուին  գործողութիւններ կատարել Լիբանանի  մէջ: Թերթը նաեւ կը փոխանցէ, որ ահաբեկիչներուն հիմնական թիրախ կը համարուին քաղաքական  կարգ մը յայտնի   գործիչներ, որոնք  վերջին ամիսներուն  հանդէս  կու գան երկրին մէջ համակեցութիւնը  եւ ապահովութիւնը պահպանողի դիրքերէ: Աղբիւրը,  որ անուններ չի փոխանցեր,  նոյնպէս կը գրէ, որ ահաբեկչական  արարքներ   կատարելով`  ահաբեկչական խմբաւորումներ նպատակ ունին   քաոսի տանիլ  Լիբանանը: Յիշեցնենք, որ համայնքային դրութեամբ   կառավարուող  երկրին մէջ     երկրի    հիմնական բաղկացուցիչ    տարրերուն  միջեւ կան  երեւելի եւ սուր տարակարծութիւններ,  մանաւանդ կապուած Սուրիոյ պատերազմին եւ   Րիատ- Թեհրան լուռ  հակամարտութեան: