image
Հրատապ լուրեր:

Լիբանանեան բանակը ապահովական մեծ գործողութիւն կատարեց. Ձերբակալուած են 337 կասկածելիներ

Լիբանանեան   բանակը       ապահովական մեծ  գործողութիւն կատարեց.  Ձերբակալուած են 337     կասկածելիներ

Լիբանանեան   բանակի ստորաբաժանումներ ապահովական մեծ     գործողութիւն մը կատարած  են Արսէլ   աւանին մէջ:  Այս մասին լուրը կը փոխանցէ    Al Mayadeen  կայանը  յաւելելով, որ   երէկ ուշ   գիշեր  սկիզբ առած   կանխազգուշական  գործողութեան արդիւնքով    ձերբակալուած են  337անձեր, որոնք կը կարծուի  որ կապ ունին  «Իսլամական պետութիւն»  կոչուած ահաբեկչական խմբաւորման հետ:

Կը փոխանցուի նաեւ, որ   բանակի  զինուորներու  Արսէլ  մուտքի  ընթացքին    հինգ ահաբեկիչներ անձնասպանական գործողութիւն  կատարած են եւ   պայթումներուն ընթացքին   զոհուած է   երեխայ մը:

Նշենք,  որ  առաջին անգամը չէ, որ  լիբանանեան  բանակը նման գործողութիւններ  կը կատարէ   Արսէլ աւանին  մէջ:

Սուրիոյ   հետ սահմանային գօտիին  մերձ  եղող  Արսէլ  աւանին մէջ     ապաստանած են   հազարաւոր սուրիացի  գաղթականներ,       իսկ    այդ շրջանի լեռնային  հատուածներուն  մէջ    կան Տահէշի  եւ   Ալ Նուսրա   ճակատի    զինեալներու   թաքստոցներ: