Խորհրդատուական «Arton Capital» ընկերութիւնը, որ մասնագիտացած է աշխարհով մէկ ներգաղթի եւ բնակութեան հարցերով, նոր ուսումնասիրութիւն մը տարածած է՝ Աշխարհի «ամենազօր» անձնագրերու մասին:
Լիբանանեան անձնագիրը գրաւած է ցուցակի 88-րդ տեղը, զրկուած ըլլալով 40 երկիրներ վիզաներու եւ մուտքի արտօնութիւն ստանալու հնրաւորութենէն:
Նոր ուսումնասիրութեան համաձայն, լիբանանցիները առանց արտօնագրի իրաւունք ունին մուտք գործել՝ Պաղեստին, Էքուատոր ,Վրաստան, Հայիթի, Ինտոնեզիա , Յորդանան, Մաքքաու, Մալէզիա , Քաթար, Թուրքիա եւ Սուրիա:
Նշենք, որ «Arton Capital» ընկերութիւնը 2016-ին, լիբանանեան անձնագիրը դասակարգած էր վերջին տաս երկիրներու շարքին: Լիբանանը զբաղեցուցած է 87 դիրքը՝ 95-ի մէջէն, եւ այսպիսով երկիրը մէկ տարուան ընթացքին մէկ աստիճան ետ գացած կը համարուի:
Առաջին տեղը կը գրաւէ Սինկափուրը, իսկ արաբական երկիներէն՝ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները: