image
Հրատապ լուրեր:

Լիբանանեան անձնագիրը «հիասթափեցնող» անձագիր է

Լիբանանեան անձնագիրը «հիասթափեցնող» անձագիր է

Խորհրդատուական «Arton Capital» ընկերութիւնը, որ մասնագիտացած է  աշխարհով մէկ ներգաղթի եւ բնակութեան հարցերով, նոր ուսումնասիրութիւն մը տարածած է՝ Աշխարհի «ամենազօր» անձնագրերու մասին:

 

Լիբանանեան անձնագիրը գրաւած է ցուցակի 88-րդ տեղը, զրկուած ըլլալով 40 երկիրներ վիզաներու եւ մուտքի արտօնութիւն ստանալու հնրաւորութենէն:

 

Նոր ուսումնասիրութեան համաձայն, լիբանանցիները առանց արտօնագրի իրաւունք ունին մուտք գործել՝ Պաղեստին, Էքուատոր ,Վրաստան, Հայիթի, Ինտոնեզիա , Յորդանան, Մաքքաու, Մալէզիա , Քաթար, Թուրքիա եւ Սուրիա:

 

Նշենք, որ «Arton Capital»  ընկերութիւնը 2016-ին, լիբանանեան անձնագիրը դասակարգած էր վերջին տաս երկիրներու շարքին:  Լիբանանը  զբաղեցուցած է 87 դիրքը՝  95-ի մէջէն, եւ այսպիսով  երկիրը  մէկ տարուան ընթացքին մէկ աստիճան ետ գացած կը համարուի:

 

Առաջին տեղը կը գրաւէ Սինկափուրը, իսկ արաբական երկիներէն՝ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները: