Լիբանանի հիւսիսային շրջանի Ըհտըն գաւառի բնակիչները մինչեւ յառաջիկայ 31 հոկտեմբերը հեռանալու վերջնաժամկէտ տուած են սուրիացի բանուորներուն: Այս մասին տեղեկութիւնը տրուած է ընկերային ցանցերու վրայ, ուր լուրը հրապարակողները տեղադրած են այդ մասին գրուած պաստառի մը լուսանկարը: Նշենք, որ առաջին անգամը չէ, որ լիբանանեան տարբեր քաղաքներու մէջ նմանատիպ յայտարարութիւններ կատարուած են: Մինչեւ այս պահը Ըհտըն գաւառի պաշտօնական մարմինները կը մերժեն մեկնաբանել եղածը եւ կը նախընտրեն լռութիւն պահել շրջանառութեան մէջ եղող տեղեկութեանց մասին: Յիշեցնենք, որ Սուրիոյ պատերազմին սկիզբէն ի վեր աւելի քան 1.5 միլիոն սուրիացի փախստականներ հաստատուած են Լիբանանի մէջ եւ շարք մը ոլորտներու մէջ այդ փախստականներուն ներգրաւուիլը տեղացիներուն ըսելով վնասներ կու տայ երկրի քաղաքացիներուն, որոնք նոյնպէս կը գտնուին տնտեսական ոչ այնքան փայլուն վիճակի մը մէջ: