Լիբանանցի եօթամեայ երեխան կը պայքարի մահուան դէմ: Այս մասին լուրը կը փոխանցէ լիբանանեան «Էլ. Պի. Սի. Այ.» կայանը: Աղբիւրը կը փոխանցէ, որ յուլիսի Ահմատ Ալ Քըրտի անունով երեխան գրեթէ մահամերձ վիճակով փոխադրուած է հիւանդանոց եւ մինչեւ այս պահը կը գտնուի մահաքունի վիճակի մը մէջ: Ահմատի մայրը խօսելով «Ալ ուսթաքպալ» կայանին (տեսնել ՝ տեսանիւթը) ըսած է, որ սկիզբը իրենք կարծած են, որ Ահմատ ինկած ու վիրաւորուած է, բայց աւելի ուշ պարզուած է որ Ահմատ «կոյր փամփուշտ» մը ստացած է իր գլուխէն ու նուաղած:
Բժիշկները, որ մինչեւ այս պահը կը պայքարին փրկելու համար երեխային կեանքը, յայտնած են, որ եթէ ան մահաքունէն դուրս գայ, ապա անոր անդամալուծութիւնը ստոյգ է: Յիշեցնենք, որ անցնող տարիներուն Լիբանանի մէջ կտրուկ աճ գրանցած եւ յաճախակի դարձած է ապօրինի եւ տարբեր առիթներով արձանագրուող կրակոցներէն տուժողներու թիւը: Մինչ երկրի քաղաքացիական հասարակութիւնը կը պայքարի այս երեւոյթին դէմ՝ պահանջելով բերման ենթարկել եւ դատել յանցագործները կառավարական մարմիններ չկարողանալով վերահսկել ընդհանուր դրութիւնը յայտնուած են բաւական բարդ վիճակի մը առջեւ:
Լիբանանի մէջ քաղաքական հովանաւորչութեան եւ կողմերու «տէրերու»ն կողմէ կատարուած անարդար միջամտութիւնները պատճառ կը դառնան, որ առկայ խնդիրները լուծումի չյանգին եւ իրավիճակը աւելի վատթարանայ: