image

Լեւոն Չուգասզեան Մոնբէլյէի Գիտութիւններու Եւ Գրականութեան Ակադեմիայի Հեղինակաւոր Անդամ Ընտրուած է

Լեւոն Չուգասզեան Մոնբէլյէի Գիտութիւններու Եւ Գրականութեան Ակադեմիայի Հեղինակաւոր Անդամ  Ընտրուած է

Երեւանի պետական համալսարանի Հայ արուեստի պատմութեան եւ տեսութեան UNESCO-ի ամպիոնի վարիչ, փրոֆեսոր Լեւոն Չուգասզեանն վերջերս ընտրուած է Մոնբէլիէյի (Ֆրանսա) Գիտութիւններու եւ գրականութեան ակադեմիայի անդամ: Այս մասին Aravot.am-ի հետ Չուգասզեանի տուած հարցազրոյցին կ'իմանանք, որ ան նաեւ Միլանի Ամպրոզիան ակադեմիայի անդամ ընտրուած է անցեալ տարի: Ան նաեւ յայտնած է, որ Հայաստանի ազգային ակադեմիան հումանիտար գիտութիւններու գծով ոչ մէկ անդամ ունի, որ արտասահմանեան երկու ակադեմիաների անդամ եղած ըլլայ: Ի դէպ, Լեւոն Չուգասզեանը ՀՀ գիտութիւններու ակադեմիայի անդամ չէ:Ան տեղեկացուցած է, որ Մոնփելիէյի գիտութիւններու եւ գրականութեան ակադեմիան  ստեղծուած  է 1846 թ.ին եւ շարունակութիւնն է 1706թ. Լիւտովիկոս XIV թագաւորի հրամանով, որպէս Փարիզի ակադեմիայի մասնաճիւղ հիմնուած Մոնբէլիէյի Գիտութիւններու թագաւորական ընկերութեան:Մոնբէլիէյի գիտութիւններու եւ գրականութեան ակադեմիան ունի 90 լիիրաւ, 20 պատուաւոր եւ 42 թղթակից անդամներ: Անոր լիիրաւ բոլոր անդամները ֆրանսիացիներ են, որոնց  շարքին է նաեւ Մոնփելիէյի Փոլ Վալերի համալսարանի նախկին փրոֆեսոր, հայագէտ Ժիրայր Տէտէեանը, որ Հայաստանի գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի արտասահմանեան անդամ է: Մոնփելիէյի գիտութիւններու եւ գրականութեան ակադեմիայի բոլոր պատուաւոր անդամները նոյնպէս ֆրանսիացիներ են: