Նոր Տարուան ՀՕՄ-ի Արցախի միաւորի ընկերուհիները ուրախանալու առիթ պարգեւած են Արցախի սահմանամերձ երկու բնակավայրերու` Թալիշի եւ Մատաղիսի մանուկներուն: Իսկ մանուկներուն համար նուէրները տրամադրած էր կլէնտելահայ 17-ամեայ Առնիէ Մաճարեան, որ ամառը առաջին անգամ այցելելով Արցախ` այնքան տպաւորուած էր արցախցի երեխաներով, որ տուն վերադառնալով` քանի մը արկղ նուէրներ պատրաստած է եւ ուղարկած Արցախ:
ՀՕՄ-ի Արցախի միաւորի վարչութիւնը իր շնորհակալութիւնը կը յայտնէ 17-ամեայ Առնիէ Մաճարեանին եւ անոր ընտանիքին` մաղթելով ուժ եւ կարողութիւն:
yerakouyn.com