image

Կլէնտելահայ 17-Ամեայ Երիտասարդի Մը Նուէրը Արցախի Երեխաներուն

Կլէնտելահայ 17-Ամեայ Երիտասարդի Մը Նուէրը Արցախի Երեխաներուն

Նոր Տարուան ՀՕՄ-ի Արցախի միաւորի ընկերուհիները ուրախանալու առիթ  պարգեւած են Արցախի սահմանամերձ երկու բնակավայրերու` Թալիշի եւ Մատաղիսի մանուկներուն: Իսկ մանուկներուն համար նուէրները տրամադրած էր կլէնտելահայ 17-ամեայ Առնիէ Մաճարեան, որ ամառը առաջին անգամ այցելելով Արցախ` այնքան  տպաւորուած էր արցախցի երեխաներով, որ տուն վերադառնալով` քանի մը արկղ նուէրներ  պատրաստած է եւ ուղարկած Արցախ:

ՀՕՄ-ի Արցախի միաւորի վարչութիւնը իր շնորհակալութիւնը կը յայտնէ 17-ամեայ Առնիէ Մաճարեանին եւ անոր ընտանիքին` մաղթելով ուժ եւ կարողութիւն:

 

yerakouyn.com