image
Հրատապ լուրեր:

Վերջին հրաժեշտ Հայ Կաթողիկէ Պատրիարք՝ Տ. Գրիգոր-Պետրոս Կապրոյեանին

Վերջին հրաժեշտ Հայ Կաթողիկէ Պատրիարք՝ Տ. Գրիգոր-Պետրոս Կապրոյեանին

 Այսօր առաւօտուն Պէյրութի Սուրբ Գրիգոր Սուրբ Եղիա աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ օրերս վախճանեալ Հայ Կաթողիկէ Գրիգոր-Պետրոս Ի. Կապրոյեանի վերջին օծման ,յուղարկաւորութեան եւ թաղման արարողութիւնները։

 

 

 Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Պէյրութի իր աղբիւրէն։

 

 Մեր աղբոիւրը նաեւ նշեց, որ վերջին օծման արարողութիւնը տեղի ունեցած էր երէկ՝ ուրբաթ օր, Էշրէֆիյէ շրջանի  Պատրիարքարանի Սուրբ Աւետման եկեղեցւոյ  մէջ,  իսկ այսօր քոյր եկեղեցիներու առաջնորդներու ներկայութեամբ, ինչպէս նաեւ Լիբանանի քաղաքական- ընկերային վերնախաւի ներկայացուցիչներու ներկայութեամբ տեղի ունեցած է հանդիսաւոր Սուրբ Պատարագ եւ յուղարկաւորութեան կարգ։

 

 Յուղարկաւորութիւնը կատարուած է հանդիսապետութեամբ Հայ Կաթողիկէ Սուրբ Սիւնոտի երէց անդամներէն, Բերիոյ Թեմի Առաջնորդ՝ Տ. Պետրոս արք. Միրիաթիայեան, ինչպէս նաեւ հանդիսապետութեան մասնակից եղած են Հայաստանի, Արեւելեան Ռուսաստանի, եւ Վրաստանի Թեմերու առաջնորդ Տ. Ռաֆայէլ արք. Մինասեանն ու Պէյրութի առաջնորդ Տ. Գէորգ արք. Ասատուրեան։

 

 Արարողութեան ընթացքին աղօթքներով հանդէս եկած են թաղման արարողութեան մասնակիցներ՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս, Մարոնիթ Եկեղեցւոյ Անտիոքի եւ Արեւելքի Պատրիարք Կարտինալ Մար Պըշարրա Ալ Ռահի, ինչպէս նաեւ տարբեր համայնքներու ներկայացուցիչ հոգեւորականներ։

 

 

 Թաղման կարգին ներկայ եղած են նաեւ Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահին, Խորհրդարանի նախագահին ու Վարչապետին ներկայացուցիչները։

 

 Թաղման կարգէն ետք, տարբեր խաւերու ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ սգակիր բազմութիւնը բարձրացած են Զմմառու Հայ Կաթողիկէ Վանք, ուր եւ հողին յանձնած են վախճանեալ Պատրիարքին մարմինը Հայ Կաթողիկէ հայրերու յատուկ դամբարանին մէջ։Քառասնօրեայ սուգի շրջանի աւարտին կը սպասուի, որ Հայ Կաթողիկէ Միաբանութեան Սուր Սիւնոդը գումարէ փակ նիստ ընտրելու համար վախճանեան Պատրիարքին յաջորդը, իսկ մինչեւ ընտրական փուլը Կաթողիկէ Պատրիարքութեան տնօրինողը կարգով եկեղեցիի գործերուն պիտի հսկէ Բերիոյ Թեմի Առաջնորդ Տ. Պետրոս արք. Միրիաթեանը։

May be an image of Մեկ կամ ավելի մարդ և people standing-ը

May be an image of Մեկ կամ ավելի մարդ և ներսումը

May be an image of Մեկ կամ ավելի մարդ, ծառ և դրսումը