Թուրքիոյ իրաւապահ մարմիններ կը շարունակեն ձերբակալութիւններ կատարել երկրի տարբեր շրջաններուն մէջ: Այս մասին կը գրէ «Միլլիյէթ»ը, որ նաեւ կը հաղորդէ, թէ անցնող 24 ժամուան ընթացքին միայն Պոլսոյ մէջ Կիւլէնեան զինեալ խմբաւորման ՝ ՖԷԹՈ-ի անդամակցելու մեղադրանքով ձերբակալուած են 187 անձեր: Կը նշուի նաեւ, որ ձերբակալեալներուն մէջ կան Պոլսոյ մէջ գործող Էրօղլու եւ Պիւլպիւլօղլու հաստատութեանց մէջ աշխատող բարձրաստիճան պատասխանատուներ եւ գործարարներ: Ըստ տարբեր աղբիւրներու, ձերբակալուածներուն մէջ կան նաեւ Ազրպէյճանի քաղաքացիներ: