image

Կիւլէնեան շարժումի 187 անդամներ ձերբակալուեցան

Կիւլէնեան շարժումի 187   անդամներ ձերբակալուեցան

Թուրքիոյ իրաւապահ մարմիններ կը շարունակեն  ձերբակալութիւններ կատարել երկրի  տարբեր շրջաններուն մէջ:   Այս մասին կը գրէ «Միլլիյէթ»ը, որ նաեւ կը հաղորդէ, թէ անցնող 24   ժամուան ընթացքին միայն Պոլսոյ մէջ Կիւլէնեան  զինեալ խմբաւորման ՝ ՖԷԹՈ-ի  անդամակցելու    մեղադրանքով  ձերբակալուած են 187  անձեր: Կը նշուի նաեւ, որ ձերբակալեալներուն մէջ կան      Պոլսոյ մէջ գործող  Էրօղլու եւ Պիւլպիւլօղլու  հաստատութեանց մէջ   աշխատող բարձրաստիճան     պատասխանատուներ եւ գործարարներ: Ըստ տարբեր աղբիւրներու,  ձերբակալուածներուն  մէջ   կան նաեւ  Ազրպէյճանի  քաղաքացիներ: