image

ՀՕՄ-ի անդամներ յարգանքի տուրք մատուցած են Եռաբլուրի մէջ

ՀՕՄ-ի  անդամներ  յարգանքի տուրք  մատուցած են Եռաբլուրի  մէջ

 

Հայ Օգնութեան Միութեան (ՀՕՄ) Հայաստանի Շրջանային Վարչութիւնը Երեւանի մասնաճիւղերու անդմաներու հետ միասին այցելած են Եռաբլուր զինուորական Պանթէոն՝ իրենց յարգանքի տուրքը մատուցելու նահատակ մեր հերոսներուն եւ հանգուցեալ ՀՕՄ-ուհիներուն: Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ ՀՕՄ Հայաստանի դիմատետրեան էջէն:

Եռաբլուր պանթէոնի Սուրբ Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած է հոգեհանգիստի կարգ, ծաղիկեպսակներ դրուած են Անյայտ զինուորի յուշարձանին եւ Սոսէ մայրիկի շիրիմին: