Կիպրոսի Թեմի Առաջնորդ Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան այս առաւօտ վերադարձած է Անթիլիաս: Ան անցնող օրերուն հրաժեշտի այցելութիւններ տուած է Կիպրոսի գլխաւոր համայնքապետերուն, իսկ երէկ գիշեր գաղութի պատկան մարմինները ողջերթի ընթրիք մը կատարած են ի պատիւ վերջին 2 տարիներուն Կիպրոսի մէջ առաջնորդի պաշտօն կատարած սրբազան հօր: Յիշեցնենք, որ սրբազան հայրը անցնող ամիսներուն հրաժարականի նամակով մը դիմած էր Մեծի Տանն Կիլիկոյ գահակալ հայրապետ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ հայրապետին եւ վեհափառը օրեր առաջ ընդունած էր սրբազան հօր հրաժարականը: «Արեւելք»ի տեղեկութիւններով Տ. Նարեկ սրբազան, իր պաշտօնէն հրաժարական տուած է հիմնուելով զուտ անձնական եւ յարգելի պատճառներու վրայ: Մեր տեղեկութիւններով սրբազան հայրը Անթիլիաս հաստատուելով պիտի կարողանայ յաճախակիօրէն Մոնթրէալ այցելել եւ մօտէն հետեւիլ իր ծնողներու հոգատարութեան հարցերուն: