image

Կիպրոսի Առաջնորդ Տ. Նարեկ Արք. հրաժարեցաւ իր պաշտօնէն

Կիպրոսի Առաջնորդ Տ. Նարեկ Արք.   հրաժարեցաւ իր պաշտօնէն

Կիպրոսի Թեմի Առաջնորդ Տ. Նարեկ  Արք. Ալեէմէզեան  այս  առաւօտ  վերադարձած է  Անթիլիաս:  Ան անցնող  օրերուն  հրաժեշտի այցելութիւններ   տուած է Կիպրոսի գլխաւոր համայնքապետերուն, իսկ  երէկ գիշեր գաղութի  պատկան  մարմինները ողջերթի  ընթրիք մը կատարած  են  ի պատիւ   վերջին   2 տարիներուն Կիպրոսի  մէջ առաջնորդի  պաշտօն կատարած սրբազան հօր: Յիշեցնենք, որ  սրբազան հայրը  անցնող ամիսներուն  հրաժարականի  նամակով մը  դիմած էր Մեծի Տանն Կիլիկոյ   գահակալ հայրապետ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ հայրապետին եւ  վեհափառը     օրեր առաջ  ընդունած էր  սրբազան հօր հրաժարականը: «Արեւելք»ի տեղեկութիւններով  Տ. Նարեկ սրբազան, իր  պաշտօնէն  հրաժարական տուած է հիմնուելով զուտ անձնական   եւ յարգելի պատճառներու վրայ: Մեր տեղեկութիւններով սրբազան հայրը Անթիլիաս հաստատուելով պիտի կարողանայ  յաճախակիօրէն  Մոնթրէալ այցելել եւ մօտէն  հետեւիլ  իր ծնողներու  հոգատարութեան հարցերուն: