image

Կեղծիքի առաջի՞ն, թէ վերջին զոհը. Գէորգ Մանոյեան

Կեղծիքի առաջի՞ն, թէ վերջին զոհը. Գէորգ Մանոյեան

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի՝ ազգային ապահովութեան հարցերով խորհրդական Մայք Ֆլինի հրաժարականը անգամ մը եւս հարցականներ ստեղծեց ներկայ վարչակազմին եւ Ռուսիոյ միջեւ կասկածելի կապերուն մասին, որոնք, ըստ շատերու, Թրամփը Սպիտակ տուն հասցնելու ջանքերուն մեծապէս նպաստած էին։

Ֆլին հրաժարականը տուաւ, երբ այլեւս չկրցաւ ծածկել սուտը, կամ՝ «մասնակի իրականութիւնը», թէ ինք փոխնախագահ Մայք Փենսէն ծածկած էր Ռուսիոյ դեսպանին հետ իր խորհրդակցութիւնները՝ Ռուսիոյ դէմ ամերիկեան նախկին վարչակազմին հաստատած պատժամիջոցները  մեղմացնելու կամ ջնջելու կապակցութեամբ։

Յատկանշական է, որ Ֆլին այդ մասին խօսած էր Ռուսիոյ դեսպանին հետ, երբ տակաւին Սպիտակ տան ղեկը կը գտնուէր Պարաք Օպամայի ձեռքը, իսկ պատժամիջոցները հակադարձութիւն մըն էին Թրամփի ընտրական յաղթանակը ապահովելու համար Մոսկուայի կատարած միջամտութեանց։

Կարելի է լաւատեսօրէն մտածել, թէ Ֆլին հրաժարած է, որովհետեւ իբրեւ նախկին զինուորական՝ դժուար գտած էր շարունակաբար մասնակի կամ «այլընտրանքային» իրականութիւններու հետ գործ ունենալու պարտադրանքը, սակայն ի յայտ կու գայ, որ Ֆլինի սուտը սկսած է բացայայտուելու՝ Օպամայի կողմէ ժամանակաւոր ընդհանուր դատախազ նշանակուած Սելի Եէյթսի հրահանգով արդարադատութեան նախարարութեան կողմէ սկսած հետաքննութեան մը պատճառով։

Արդեօք այս բոլորը ծածո՞ւկ պիտի մնային, եթէ Թրամփ խնդրայարոյց որոշումով մը ազգայնամոլ Ճեֆ Սեշընզը ընդհանուր դատախազ չնշանակէր, եւ այլ թեկնածու մը աւելի արագօրէն ապահովէր Ծերակոյտին վաւերացումը։

Այս բոլորը յստակացնելու համար, արդէն իսկ Փետրուար 14ին, քոնկրեսականներ, ներառեալ՝ հանրապետական, կոչեր սկսան կատարելու հետաքննութիւն մը սկսելու համար։

Յիշեցնենք, որ Ֆլին ջատագով մըն էր Ամերիկա ապաստանած թուրք քարոզիչ եւ անձնական վարժարաններու «Մակնոլիա» ցանցի սեփականատէր Ֆեթհուլլահ Կիւլենը Թուրքիոյ արտայանձնելու գաղափարին, եւ անոր հեռացումը կրնայ հարուած մը հասցնել Կիւլենի արագ յանձնումը ակնկալող Անգարայի լաւատեսութեան: Կիւլեն Անգարայի կողմէ կը մեղադրուի Յուլիս 15ի ռազմական յեղաշրջումի փորձը կազմակերպելու յանցանքով:

ԳԷՈՐԳ ՄԱՆՈՅԵԱՆ

«Ասպարէզ»