image
Հրատապ լուրեր:

Կայացած է Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտագին գործոց նախարարներու հանդիպումը

Կայացած է Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտագին գործոց նախարարներու հանդիպումը

Միւնիխի մէջ տեղի ունեցած է Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալպանտեանի հանդիպումը՝ Ազրպէյճանի անոր պաշտօնակից  Էլմար Մամետեարովի հետ. այս մասին յայտնած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ խօսնակ Տիգրան Բալայեան, սակայն՝ առանց մանրամասնելու։

16 փետրուարին, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալպանտեան Միւնիխի մէջ հանդիպում ունեցած է նաեւ ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի համանախագահներ Իկոր Փոփովի, Սթեֆան Վիսքոնթիի եւ Ռիչըրտ Հոկլընտի հետ, ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քաս-փըրչիքի հետ։

Նախարար Նալպանտեան զրուցակիցներուն ուշադրութիւնը հրաւիրեց առ այն, որ հակառակ յանձնառութիւններուն եւ ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի համանախագահ երկիրներու բազմաթիւ պահանջներուն, Ատրպէյճան կը շարունակէ 1994-1995ի զինադադարի եռակողմանի անժամկէտ համաձայնագիրներու խախտումները, միաժամանակ շարունակելով տագնապը ռազմական ճանապարհով լուծելու սպառնալիքները:

Զրուցակիցները շեշտեցին Վիեննայի եւ Ս. Փեթերսպուրկի մէջ կայացած գագաթնաժողովներուն ընթացքին Արցախի տագնապին խաղաղ կարգաւորման գործընթացը յառաջ մղելու նպատակով համապատասխան պայմաններ ստեղծելու անհրաժեշտութիւնը: