Կապանի բժշկական կեդրոնը յայտարարութիւն տարածած է՝ հերքելով համացանցի մէջ տարածուող այն լուրը, որ Կապանի Բժշկական կեդրոնին մէջ քորոնա ժահրով վարակուած հիւանդներ կը բուժուին:
Պաշտօնապէս կը յայտնենք, որ առ այսօր ոչ մէկ նման կասկածելի հիւանդ մեզի չէ դիմած, հիւանդանոց չէ տեղափոխուած եւ առաւել եւս՝ չէ մեկուսացուած:
Կը խնդրենք խուճապի չմատնուիլ եւ հետեւիլ միայն պաշտօնական լրահոսին»։