Հայաստանի մէջ 14 յունուարին, ժամը 11:00-ի դրութեամբ հաստատուած է «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեան 448 նոր դէպք, առողջացած է 603 քաղաքացի, մահացած՝ 12-ը:
Այս մասին նշուած է ՀՀ ԱՆ հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգելման ազգային կեդրոնի կայքին մէջ:
Մէկ օրուան մէջ կատարուած է 2612 քննութիւն: Քննութեան ընդհանուր թիւը այսպիսով հասած է 616520-ի: Հաստատուած է «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեան ընդհանուր 163576 դէպք, որոնցմէ 151849-ն` առողջացած, 2963-ը` մահուան ելքով:
«Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ այս պահուն փաստացի բուժում կը ստանայ 8043 հիւանդ:
Նախորդ օրը արձանագրուած է մահուան 6 դէպք, երբ հիւանդներն ունեցած են «Քորոնա» ժահրային վարակ, սակայն մահը վրայ հասած է այլ հիւանդութեան պատճառով։ Այդպիսի դէպքերու ընդհանուր թիւը 721 է: