ՄԱԿ-ի «ԵՈՒՆԻՍԷՖ»ը զգուշացուցած է Իտլիպի մէջ տիրող իրավիճակէն, նշելով, որ ահաբեկիչներու վերջին կայանատեղի հանարուող քաղաքին մէջ մէկ միլիոն երեխայի կեանքը վտանգի տակ է: Այս մասին կը հաղորդէ «Lebanon 24» լրատուական կայքը:
Կազմակերպութեան Միջին Արեւելքի եւ Հիւսիսային Ափրիկէի ներկայացուցիչ Խայրաթ Քապալարիի հրապարակած յայտարարութեան մէջ նշուած է, թէ անցնող 36 ժամերու ընթացքին Իտլիպի, Արեւմտեան Հալէպի եւ Հիւսիսային Սուրիոյ մէջ 28 երեխայ սպաննուած է: Սպաննուածներու շարքին է 7 անդամներէ բաղկացած ամբողջ ընտանիք մը:
Քապալարի յայտնած է նաեւ, որ «ԵՈՒՆԻՍԷՖ»ի կողմէ հովանաւորուող 3 առողջապահական կեդրոններ թիրախաւորուած են, որոնցմէ երկուքը կիներու եւ երեխաներու բժշկական օգնութիւն կը տրամադրէր, եւ ներկայիս աւերածութեան պատճառով անոնք դադրած են աշխատելէ:
Յիշեցնենք, որ ներկայիս Իտլիպի բնակչութեան թիւը 2,5 միլիոն կը կազմէ, որոնց կէսը զինեալ ահաբեկիչներ են, տեղափոխուած երկրի տարբեր շրջաններէն: