image

Իսրայէլեան ընկերութիւնը թղթեայ օդանաւեր խոցող զէնք սկսած է արտադրել

Իսրայէլեան ընկերութիւնը թղթեայ օդանաւեր խոցող զէնք սկսած է արտադրել

Զինամթերքի արտադրութեան մէջ մասնագիտացած իսրայէլեան «Ռուֆայիլ» ընկերութիւնը յայտարարած է, որ նոր զէնք մը պատրաստած է, պաղեստինցիներու կողմէ արձակուող հիլիումի փուչիկներն ու վառող թղթեայ օդանաւերը խոցելու համար: Այս մասին կը հաղորդէ «Ալ Մայատին» լրատուական կայքը:

Զէնքի ստեղծման գաղափարը ծագած է այն բանէն ետք, երբ պաղեստինցի երիտասարդներու արձակած թղթեայ օդանաւերը իսրայէլեան տնտեսութեան զգալի վնաս սկսան պատճառել:

Նշուած օդանաւերը 11 տարբեր վայրերու մէջ հրդեհներ առաջացուցած են, յայտարարած են իսրայէլեան լրատուամիջոցները: