image

Իսրայէլեան կործանիչներ հրթիռարձակած են Կոլանի բարձունքները

Իսրայէլեան կործանիչներ         հրթիռարձակած են Կոլանի բարձունքները

 Իսրայէլեան օդուժը ,   հինգ օրուան ընթացքին երկրորդ   անգամն ըլլալով  հարուածած է  Կոլանի  բարձունքներուն գտնուող   Սուրիոյ բանակին պատկանող դիրքեր:  Իսրայէլեան բանակի  մէկ բանբերը յայտնած  է, թէ  այս  հարուածները  կու գան, առ  ի պատասխան   իսրայէլեան շրջաններու վրայ Սուրիայէն  նետուած «Մորթըր» հրթիռներու:  Ըստ նախնական  տուեալներու իսրայէլեան կործանիչներու հարուածներուն հետեւանքով  զոհեր  չեն գրանցուած: Յիշեցնենք, որ Իսրայէլ  1976 թուականէն  ի վեր գրաւման տակ կը պահէ Սուրիոյ Կոլան նահանգը: