image

Իսրայէլեան բանակի երկու օդանաւերու մասին հակասական տեղեկութիւններ

Իսրայէլեան   բանակի երկու օդանաւերու մասին   հակասական   տեղեկութիւններ

 Մինչ  Սուրիոյ    բանակի բանբեր մը յայտարարած է, թէ իսրայէլեան երկու կործանիչներ այսօր  վար առնուած են, Իսրայէլ հերքած  է այդ մասին բոլոր լուրերը:  Ըստ սուրիական աղբիւրներու     «Ալ Քոնայթրա»  շրջանին վերեւ  սուրիական բանակի կրակներով երկու     օդանաւներ վար առնուած  են: Նոյն աղբիւրները նաեւ յայտնած են, թէ իսրայէլեան  օդանաւերէն մին եղած է անօդաչու եւ   երկու   օդանաւները վար առնուած են  Ալ Քոնայթրայի «Սահսահ» շրջանին  մէջ:     Պաշտօնական   Թել Աւիւ, որ հերքած է լուրերը  նաեւ յայտնած է, որ եթէ նման   կատարուած է ապա իսրայէլեան  պատասխանը պիտի ըլլայ «շատ կարծր»:   Նշենք, որ  Թէլ Աւիւ չէ հերքած, թէ  սուրիական  դիրքերէ երկու    ցամաք- օդ հրթիռներ արձակուած  են: