Ըստ AFP–ի (Agence France-Presse), Իսրայէլի գիւղատնտեսութեան նախարարը քննադատութիւններու տարափի մը ենթարկուած է, Ռուսիոյ վարչապետ Տիմիթրի Մետվէտէւին անօթաչու թռչող սարք նուիրելուն համար, վերջինիս Իսրայէլ կատարած այցելութեան ընթացքին: Այս մասին կը գրէ «Ալ-Քուտս», նշելով, որ Իսրայէլի գիւղատնտեսութեան նախարար՝ Օրի Արիէլ, անցեալ շաբաթ ուղեկցած էր Մետվէտէւին գիւղատնտեսական հետազօտութիւններու կեդրոն, ուր ինքնադիրը ռուս վարչապետին ուշադրութիւնը գրաւած էր, նախարարը իր հերթին առաջարկած էր զայն ընդունիլ իբր նուէր:
Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ յայտնած են, թէ ինքնադիրը կ′արժէ 50 հազար ԱՄՆ տոլար, ինչպէս նաեւ ունի բարձր արհեստագիտութիւն, որ պէտք չէ կիսուիլ:
Ընդիմադիր երեսփոխաններ քննադատած են Արիէլի այս արարքը: Սիոնական միութենէն՝ Նահման Շայ ըսած է, թէ Արիէլը «Հրեայ Ծայրայեղ Ազգայնական տուն» կուսակցութենէն է: Անոր խաբած են «գիտութիւնն ու գիտարուեստը սխալ երկիրներու» մատուցելու: Մինչ Սիոնական միութեան երեսփոխան Սթավ Շավէր պահանջած է գիւղատնտեսութեան նախարարին հրաժարական ներկայացնել:
Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարարութիւնը եւ գիւղատնտեսական հետազօտութիւններու կեդրոնը մերժած են որեւէ մեկնաբանութիւն տալ: