image

Իսրայէլացի բարձրաստիճան դիւանագէտը այսօր Պոլիս կը ժամանէ

Իսրայէլացի  բարձրաստիճան      դիւանագէտը  այսօր      Պոլիս    կը ժամանէ

Իսրայէլացի բարձրաստիճան դիւանագէտ Տորէ  Կոլտ այսօր Պոլիս կը ժամանէ: Այս մասին  լուրը կը փոխանցէ «Հիւրրիյէթ»ը,  նշելով նաեւ, որ   2010-էն ի վեր      Կոլտ պիտի ըլլայ առաջին իսրայէլացի     պատասխանատուն, որ  Թուրքիա   կ'այցելէ:  Կոլտ      պիտի այցելէ  երէկ Պոլսոյ    մէջ գրանցուած  պայթումին  հետեւանքով   վիրաւորուած   եւ հիւանդանոցը  գտնուող իսրայէլացի վիրաւորեալներուն ու ապա հանդիպումներ պիտի ունենայ  իր թուրք պաշտօնակիցներուն,  որոնց շարքին՝ Թուրքիոյ նախկին արտաքին գործոց   նախարար  Ֆէրիտոն Սինիրօղլուի հետ: Նշենք, որ  երկու  երկիրներուն  միջեւ  յարաբերութիւնները   անկում   արձանագրած էին  2010-ին՝   Կազա մեկնիլ փորձող թրքական «Մաւի Մարմարա» նաւու   դէպքէն  ասդին:  Երէկ Պոլսոյ մէջ   գրանցուած   պայթումին հետեւանքով զոհերուն մէջ  եղած են իսրայէլացի   զբօսաշրջիկներ, եւ Կոլտի  այս  այցելութիւնը  կրնայ    իսրայէլեան դիւագիտութեան   առաջին քայլը    համարուիլ  Թուրքիոյ  հետ  յարաբերութիւններու     բարեւլաւման   առընթեր: