image

Իսլամը Խաղաղութեան Եւ Բարեխղճութեան Կրօն Է. Գերմանացի Պաշտօնեայ

Իսլամը Խաղաղութեան Եւ Բարեխղճութեան Կրօն Է. Գերմանացի Պաշտօնեայ

Գահիրէ- («Ալ-Շարք Ալ-Աուսաթ»- Լոնտոն)- Գերմանիոյ ներքի գործոց նախարար Թոմաս Տը Մեզիեր Հինգշաբթի օր Գահիրէյի համաժողովներու Ալ-Ազհար դահլիճին մէջ դասախօսելով, նշած է, որ «Իսլամը բարեխղճութեան եւ խաղաղութեան կրօն է, եւ ան բոլորովին հեռու է ատելութենէ եւ բռնութենէ», մատնանշելով իր երկրի ունեցած յարգանքը իսլմաներուն եւ իսլամութեան նկատմամբ, եւ շեշտելով, որ աշխարհը  այսօր ամենաշատը ներողամտութեան եւ խաղաղ կենակցութեան պահանջք ունի: Այս մասին կը տեղեկացնէ «Շարք Ալ-Աուսաթ», նշելով, որ Տը Մեզիեր այս կապակցութեամբ յայտնած է, որ Գերմանիոյ մէջ վերջերս իսլամական կրօնը  դասաւանդող համալսարաններ եւ առանձին բաժանմունքներ բացուած են, որուն կը հետեւին շուրջ 1000 ուսանող, ինչպէս նաեւ կարք մը դպրոցներու մէջ նոյնպէս կը դասաւանդուի իսլամական կրօնը:

Ան մեծապէս գնահատելով Սուրբ Ազհարն ու գլխաւոր Իմամ Տօքթ. Ահմէտ Ալ-թայէպը, արտայայտած է իր յարգանքը եւ նշած, որ հակառակ անոր որ խորթ կը թուայ ներքին գործոց նախարարի մը Ազհարի շէյխին հետ հանդիպումը, սակայն այդ մէկը կատարած է, որովհետեւ Ս. Ազհարը շատ մեծ նշանակութիւն ունեցող կեդրոն է եւ անոր կրօնականները կը յատկանշուին միջակայնութեամբ եւ չափաւորուածութեամբ:

Այս առթիւ ներքին գործոց նախարարը նաեւ կոչ ուղղած է Գերմանիոյ մէջ գտնուող փախստականներուն մերուելու գերմանական ընկերութեան մէջ, բացատերելով, որ Արեւմուտքի մէջ իսլամներու դէմ եղած կարգ մը երեւոյթները հետեւանք են «Իսլամաֆոպիա»ին, որ տարածուեցաւ ծայրայեղականներու կողմէ գործուած ահաբեկչութիւններու եւ բռնութիւններու հետեւանքով, որոնք իրենց ոճիրները կը գործեն իսլամի դրօշի տակ, նաեւ հաստատելով, որ Գերմանիոյ կառավարութիւնը քաջատեղեակ է, որ իսլամներու մեծամասնութիւնը չափաւոր են եւ դէմ են ահաբեկչութեան:

Տը Մեզիեր նաեւ յայտնած է, որ ինք Ազհարի շէյխին հետ քննարկած է ծրագրերու մասին, որոնք պիտի գործադրուին Ս. Ազհարի հետ համագործակցութեամբ, որ կը նկատուի աշխարհի մեծագոյն իսլամական հաստատութիւնը: