image

Իրաքցի ցուցարարները կը փորձեն ներխուժել Պաղտատի ԱՄՆ դեսպանատունը

Իրաքցի ցուցարարները    կը փորձեն ներխուժել   Պաղտատի ԱՄՆ  դեսպանատունը

 Իրաքցի հարիւրաւոր ցուցարարներ     քիջ առաջ   փորձած են ներխուժել  Պաղտատի ԱՄՆ դեսպանատուն։

 

 Այս  մասին լուրը հաղորդեց «Ալ Արապիյա»  կայանը, որ նաեւ յայտնեց, որ  ցուցարարները  փակած   ու ապա հրկիզած են   դեսպանատան    դարպասներէն մին։

 

 Ցուցարարներու  ձեռքերուն եղած է  իրաքեան «Հաշտ  ալ շահպի»  շարժումի    դրօշակները եւ անոնք  պահանջած են արագօրէն  փակել դեսպանատունը։

  Յիշեցնենք, որ այս   ազրգացումները  կը կատարուին   ամերիկեան  օդուժին կողմէ    Իրաքի  «Հըզպալլա»ին երկու կարեւոր  կեդրոններուն  վրայ  եղած   գրոհներէն    ետք, որուն հետեւանքով ալ  զոհուած  էին     տասնեակ     զինեալներ։

 

 

 Մինչեւ այս լուրին  հրապարակուած  պահը  իրավիճակը   կը շարունակէ լարուած  մնալ Պաղտատի  ԱՄՆ  դեսպանատան շրջակայքին  մէջ  եւ կան տեղեկութիւններ, որ  ամերիկացի   դիւանագէտները   ստիպուած եղած են լքել դեսապանատունը։