image
Հրատապ լուրեր:

Իրանցի զօրավարի թաղման ատեն տասնեակ մարդիկ մահացան

Իրանցի զօրավարի թաղման ատեն տասնեակ մարդիկ  մահացան

Իրանի Քերման քաղաքին մէջ զօրավար Քասէմ Սուլայմանիի հրաժեշտի արարողութեան ժամանակ աւելի քան 50 մարդ զոհուած է հրմշտոցի հետեւանքով, աւելի քան 200-ը տուժած են, կը յայտնէ ria.ru-ն՝ իրանական լրատուամիջոցներուն յղումով։

«Այդ պատահարի զոհերու թիւը գերազանցած է 50-ը, անոնց մեծ մասը տղամարդիկ են», – յայտնած է Քերման նահանգի դատական բժշկութեան կազմակերպութեան ղեկավարը։

Իրանցի զօրավար Քասէմ Սուլայմանիի հրաժեշտի արարողութիւնը անոր հայրենի Քերման քաղաքին մէջ սկսած է երեքշաբթի առաւօտեան: Ինչպէս կը հաղորդեն տեղական ԶԼՄ-ները, զօրավարին հրաժեշտ տալ ցանկացողներու մեծ քանակի, ինչպէս նաեւ թաղման թափորի ժամանակ առաջացած հրմշտոցի պատճառով անոր յուղարկաւորութիւնը յետաձգուած է: