Իրանի Արտաքին Գործոց նախարարութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով նշած է, թէ իր մօտ կանչած է Թեհրանի մօտ Քուէյթի դեսպանին պաշտօնակատարը։ Աղբիւրը նաեւ կը հաղորդէ, որ Իրան այս քայլին դիմած է բողոքելու համար Քուէյթի մէջ հակաիրանեան տեսակէտ ունեցող «ահաբեկչական խմբաւորման» մը եւ Քուէյթի կառավարական մարմիններու միջեւ կայացած հանդիպման դէմ նշելով նաեւ, որ նման մօտեցումներ մեծ հարուած կը հասցընեն Քուէյթ-Իրան բարի դրացիական յարաբերութիւններուն։
Իր կարգին քուէյթեան կողմը, մինչեւ այս պահը թեմային մասին տեսակէտ չէ յայտնած։