Իրանը սահմանած է շարք մը գործողութիւններ երկրի մէջ քորոնա ժահրի բռնկման դէմ պայքարի ուղղութեամբ՝ ներառեալ դպրոցներու, համալսարաններու եւ մշակութային կեդրոններու ժամանակաւոր փակումը, կը հաղորդէ Press TV-ն:
Կը նշուի, որ նոր քորոնա վարակի զորհերու թիւը Իրանի մէջ հասած է 8-ի:
Ընդ որում՝ երկրի առողջապահութհեան նախարարութենէն յայտնած են, որ քորոնա ժահրի դրական արդիւնքով անձանց թիւը հասած է 43-ի:
ԻԻՀ առողջապահութեան նախարարութեան մամուլի քարտուղար Քիանուշ Ճախանփուրի խօսքով՝ վերջին օրերուն երկրին մէջ գրանցուած է վարակի 15 նոր դէպք:
Քորոնա ժահրի բռնկման կեդրոնը Քում քաղաքն է:
Որպէս կանխարգելիչ միջոց՝ երկրի իշխանութիւնները կարգադրած են մէկ շաբաթով փակել ուսումնական եւ մշակութային հաստատութիւնները երկրի 14 շրջաններու մէջ:
Խօսքը կը վերաբերի Քում, Մերքեզի, Կիլեան, Արտեպիլ, Քերմանշախ, Քազվին, Զենճան, Մազենտերան, Կոլեստան, Խահատան, Ալպորզ, Սեմնան, Քուրտիստան գաւառներուն եւ երկրի մայրաքաղաք Թեհրանին:
Նախարարութեան ներկայացուցիչի խօսքով՝ այդ որոշումն ընդունուած է հաստատութիւններն ախտահանման նախապատրաստելու նպատակով: