Բրիտանական Daily Mail պարբերականը հրապարակած է Միացեալ Նահանգներու ներքին անվտանգութեան ծառայութեան լուսանկարները, որոնք առնուած են Լատինական Ամերիկայէն ժամանած հազարաւոր ներգաղթեալներու ժամանակաւոր ապաստարաններուն մէջ եւ ցոյց կու տան, թէ ինչ սարսափելի պայմաններու մէջ կը պահուին այդ մարդիկ:
Լուսանկարները առնուած են Մեքսիքային սահմանակից հատուածներուն մէջ:
Ներքին անվտանգության ծառայության տեսուչները, միգրացիոն կենտրոններ այցելելով, բազմաթիվ խախտումներ են արձանագրել և որպես ապացույց այս կադրերը ֆիքսել:
Անոնք արձանագրած են, որ սենեակներուն ու խցերուն մէջ մարդոց քանակը քանի մը անգամ կը գերազանցէ թոյլատրելի շեմը: Ներգաղթեալները, այդ շարքին՝ երեխաները, չեն կրնար պահպանել անձնական մաքրութեան կանոնները, լոգանք չեն ընդունիր եւ ստիպուած են մարմինը մաքրել իրենց տրուող թաց անձեռոցիկներով: Անոնք զրկուած են հագուստը փոխելու հնարաւորութենէն եւ կը շարունակեն կրել այն նոյն հագուստը, որով շաբաթներ առաջ ժամանած են ԱՄՆ: Ներգաղթեալները ստիպուած են քնանալ չոր յատակին:
Տեսուչները կազմած են արձանագրութիւն՝ նշելով, որ պայմանները, որոնց մէջ կը պահուին հազարաւոր մարդիկ, այդ շարքին՝ քանի մը ամսական երեխաներ, պէտք է անհանգստութեան լուրջ տեղիք տան ԱՄՆ կառավարութեան մօտ:









