image

Ի՞նչ կը կատարուի իրաքեան Քէրքուք քաղաքին մէջ

Ի՞նչ կը կատարուի իրաքեան Քէրքուք քաղաքին մէջ

Անցնող քսանչորս ժամերուն թէժ մարտեր տեղի կ'ունենան Իրաքի Քէրքուք քաղաքի կեդրոնական հատուածներուն մէջ: Այս մասին լուր փոխանցող աղբիւրներ կը հաղորդեն, որ Տահէշ ահաբեկչական խմբաւորման տասնեակ զինեալներ,   քաղաք ներթափանցելով,   գրաւած ու տեղակայուած են շէնքի մը մէջ: Իրաքեան բանակի, ինչպէս նաեւ Փէշմարքայի զինեալներ,  շրջան հասնելով թէժ մարտեր կը վարեն Տահէշի դէմ: Նախնական տուեալներով կան տասնեակ զոհեր եւ քաղաքի օրինապահ մարմիններուն հրամանով Քէրքուի ամբողջ տարածքին պարէտային ժամ յայտարարուած է: Կը նշուի նաեւ, որ «Իալամական պետութեան» դէմ կազմուած միջազգային դաշինքի կործանիչեր,   թիրախ ընտրելով «սգոյ սրահ» մը,  սպաննած են 20 կիներ եւ վիրաւորած 45 ուրիշներ Քէրքուքի հարաւը եղող Տաքուք շրջանին մէջ: