«Սիրելի՛ հայրենակիցներ:
Երկար մտորումներէ ետք որոշում կայացուցած են պատգամաւորական մանտատթէն հրաժարելու մասին:
Որոշումը բացառապէս իմն է, պարտադրուած կամ հրահրուած չէ որեւէ մէկու կողմէ: Պատճառները մաքուր անձնական տիրոյթի մէջ են: Քաղաքականութեամբ զբաղուող անձը պիտի օժտուած ըլլայ քաղաքականութեամբ զբաղուելու համար անհրաժեշտ որակներով: Խորապէս հաւատացած եմ, որ ին մօտ այդ որակներէն մի քանի կարեւորագոյնները կը բացակային, ինչը ինձ անհամատեղելի կը դարձնէ այդ գործունէութեան հետ:
Ներողութիւն կը խնդրեմ այն մարդոցմէ, յատկապէս` հարազատ, ուրոնց համար իմ այս քայլը հիասթափութեան կամ այլ բացասական զգացողութիւններու տեղիք պիտի տայ: Համոզուած եմ, որ այս վաղ փուլին այդ չընելու պարագային զղջալու բազմաթիւ առիթներ պիտի ըլլան ապագային` դարձեալ պայմանաւորուած վերը նշուած հանգամանքով:
Յատուկ եւս մէկ անգամ կը շեշտեմ, որ սա անձնական որոշում է` «տեմարշ» չէ Ամուլսարի հանքի հնարաւոր շահագործման, Իսթանպուլեան պայմանագրի հնարաւոր վաւերացման կամ որեւէ այլ գործընթացի դէմ, թէեւ ժամանակային առումով թերեւս կը համընկնի անոնց հետ: Սա որեւէ կերպ քայլ չէ ընդդէմ «Իմ քայլ»-ի, որուն մէկ մասնիկը ըլլալու պատիւը ունեցած եմ վերջին ամիսներուն: Յայտնի ուժերուն եւ անոնց խամաճիկներուն խորհուրդ կու տամ անտեղի չոգեւորուիլ, քանի որ անոր համար հիմքերը ուղղակի չկան:
Որպէս Հայաստանի Հանրապետութեան շարքային քաղաքացի պիտի շարունակեմ սատար կանգնիլ յեղափոխական խումբին եւ անոր ձեւաւորած գործադիր ու օրէնսդիր իշխանութեան երկրին մէջ արմատական բարեփոխումներու իրականացման եւ արդարութեան հաստատման, ժողովրդավարութեան ամրապնդման դժուարին ճանապարհին:
Ամենայն հաւանականութեամբ պիտի շարունակեմ զբաղուիլ անով, ինչով մինչեւ արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւնները. պիտի վերադառնամ ՏՏ ոլորտ` ինծի այդքան հարազատ ու սիրելի քոտերու աշխարհ: Վստահ եմ, որ այդպիսով աւելի մեծ օգուտ պիտի բերեմ մեր երկրին:
Յ.Գ. Այլ մեկնաբանութիւններ ԶԼՄ-ներու համար պիտի չըլլան, կը խնդրեմ սահմանափակուիլ այսքանով»: