image

«Իմ Քայլ»ի պատգամաւորը հրաժարակն տուաւ

«Իմ Քայլ»ի  պատգամաւորը հրաժարակն տուաւ

 

ԱԺ «Իմ քայլը» խմբակցութեան անդամ Էտկար Առաքելեանը յայտնած է պատգամաւորական մանտաթը վար դնելու մասին: Ֆէյսպուքեան գրառման մէջ ան միայն նշած է, որ պատճառը ոչ թէ քաղաքական է, այլ անձնական:
Պատգամաւորի գրառումը կը ներկայացնենք ստորեւ.

«Սիրելի՛ հայրենակիցներ:

Երկար մտորումներէ ետք որոշում կայացուցած են պատգամաւորական մանտատթէն հրաժարելու մասին:

Որոշումը բացառապէս իմն է, պարտադրուած կամ հրահրուած չէ որեւէ մէկու կողմէ: Պատճառները մաքուր անձնական տիրոյթի մէջ են: Քաղաքականութեամբ զբաղուող անձը պիտի օժտուած ըլլայ քաղաքականութեամբ զբաղուելու համար անհրաժեշտ որակներով: Խորապէս հաւատացած եմ, որ ին մօտ այդ որակներէն մի քանի կարեւորագոյնները կը բացակային, ինչը ինձ անհամատեղելի կը դարձնէ այդ գործունէութեան հետ:

Ներողութիւն կը խնդրեմ այն մարդոցմէ, յատկապէս` հարազատ, ուրոնց համար իմ այս քայլը հիասթափութեան կամ այլ բացասական զգացողութիւններու տեղիք պիտի տայ: Համոզուած եմ, որ այս վաղ փուլին այդ չընելու պարագային զղջալու բազմաթիւ առիթներ պիտի ըլլան ապագային` դարձեալ պայմանաւորուած վերը նշուած հանգամանքով:

Յատուկ եւս մէկ անգամ կը շեշտեմ, որ սա անձնական որոշում է` «տեմարշ» չէ Ամուլսարի հանքի հնարաւոր շահագործման, Իսթանպուլեան պայմանագրի հնարաւոր վաւերացման կամ որեւէ այլ գործընթացի դէմ, թէեւ ժամանակային առումով թերեւս կը համընկնի անոնց հետ: Սա որեւէ կերպ քայլ չէ ընդդէմ «Իմ քայլ»-ի, որուն մէկ մասնիկը ըլլալու պատիւը ունեցած եմ վերջին ամիսներուն: Յայտնի ուժերուն եւ անոնց խամաճիկներուն խորհուրդ կու տամ անտեղի չոգեւորուիլ, քանի որ անոր համար հիմքերը ուղղակի չկան:

Որպէս Հայաստանի Հանրապետութեան շարքային քաղաքացի պիտի շարունակեմ սատար կանգնիլ յեղափոխական խումբին եւ անոր ձեւաւորած գործադիր ու օրէնսդիր իշխանութեան երկրին մէջ արմատական բարեփոխումներու իրականացման եւ արդարութեան հաստատման, ժողովրդավարութեան ամրապնդման դժուարին ճանապարհին:

Ամենայն հաւանականութեամբ պիտի շարունակեմ զբաղուիլ անով, ինչով մինչեւ արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւնները. պիտի վերադառնամ ՏՏ ոլորտ` ինծի այդքան հարազատ ու սիրելի քոտերու աշխարհ: Վստահ եմ, որ այդպիսով աւելի մեծ օգուտ պիտի բերեմ մեր երկրին:

Յ.Գ. Այլ մեկնաբանութիւններ ԶԼՄ-ներու համար պիտի չըլլան, կը խնդրեմ սահմանափակուիլ այսքանով»: