Ընտրութիւններու ժամանակ քաղաքացիներն այլեւս պիտի քուէարկեն միայն կուսակցութիւններէն մէկուն օգտին եւ ոչ թէ նաեւ այդ կուսակցութեան ցուցակին մէջ ընդգրկուած թեկնածուներէն մէկուն օգտին։ Այս մասին դիմատետրի իր էջին գրած է «Իմ քայլը» խմբակցութեան պատգամաւոր Մարիա Կարապետեանը։
Պատգամաւորը տեղեկացուցած է, որ քուէաթերթիկի վրայ քաղաքացիներն առհասարակ ոչ մէկ նշում պիտի ընեն։
«Պարզապէս վերցնելու էք ձեր նախընտրած կուսակցութեան անունը կրող քուէաթերթիկը եւ դնելու ծրարի մէջ։
Սա չի նշանակում, որ չէք իմանալու, թէ վերջիվերջոյ ովքեր են ընդգրկուած այդ կուսակցութեան ցուցակում։ Ցուցակները կը հրապարկուեն նախապէս։
Այս ընտրակարգը կոչուում է պարզ համամասնական»,– գրած է ան։
Յիշեցնենք, որ խորհրդարանն առաջին ու երկրորդ ընթերցմամբ ընդունեց «Հայաստանի Հանրապետութեան ընտրական օրէնսգիրք» սահմանադրական օրէնքին մէջ փոփոխութիւններ եւ լրացումներ կատարելու մասին օրէնքի նախագիծը, որով կ'առաջարկուի հանել ռէյթինկային (վարկանշային) ընտրակարգը եւ ներդնել փակ համամասնական ցուցակներով ընտրակարգը:
Հայաստանի մէջ 20 յունիսին տեղի պիտի ունենան արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններ։