image

«Հըզպալլա» կը մեղադրուի Եմէնին զէնք մատակարարելու մէջ եւ կը հակադարձէ

«Հըզպալլա» կը մեղադրուի Եմէնին զէնք մատակարարելու մէջ եւ կը  հակադարձէ

Լիբանանեան «Հըզպալլա» կազմակերպութիւնը պաշտօնական յայտարարութեամբ հերքած է Եմէնի օրինականութեան պաշտպանման արաբական դաշնութեան կողմէ իր դէմ ուղղուած մեղադրանները, ըստ որոնց վերջինս Հարաւային Լիբանանէն Եմէնին զէնք կը մատակարարէ: Այս մասին կը հաղորդէ «Ալ Ժատիտ» լրատուական կայքը:

Նշենք, որ արաբական դաշնութեան պաշտօնական խօսնակ Թուրքի Ալ Մալքի ամերիկեան «CNN» հեռուստակայանին տուած հարցազրոյցի ժամանակ յայտնած էր, որ իրենց մօտ ապացոյցներ կան, որոնք կը փաստեն Իրանի կողմէ հուսիներուն աջակցութիւն տրամադրուելու հանգամանքը:

Ան նշած էր նաեւ, որ Սէուտական Արաբիոյ հարուած հասցնելու նպատակով Պէյրութի Հարաւային շրջանէն Սուրիոյ եւ Իրանի ճամբով հրթիռների տեղափոխուած են դէպի Եմէն: