Ըստ «Ալ Արապի» կայանին Լիբանանեան «Հըզպալլա» կազմակերպութեան պատկանող ռազմամթերք պարունակող կառք մը թիրախ դարձած է իսրայէլեան հարուածներու։
Աղբիւրը նաեւ կը հաղորդէ, որ դէպքը եղած է այսօր լուսադէմին Լիբանան-Սուրիա սահմանային գօտիի «Ալ Ժանթալիյա» շրջանին մէջ, որ կը գտնուի Սուրիական հողերուն վրայ։
Մարդկային կորուստներու մասին տեղեկութիւններու մասին։
Նշենք, որ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ լարուած իրավիճակ կը տիրէ Իսրայէլ- Պաղեստինեան հակամարտութեան եւ Կազայի դէմ շղթայազերծած պատերազմին հետեւանքով։