Ռուսաստանն ու լիբանանեան «Հըզպալլա» կազմակերպութիւնը կը քննարկեն Մոսկուայի մէջ գրասենեակ բանալու հարցը, կը յայտնէ ng.ru-ն՝ յղում տալով իրանական Press TV հեռուստաալիքին եւ կ'աւելցնէ, որ հարցը կը քննարկուի կազմակերպութեան պատուիրակութեան Մոսկուա կատարած այցէն ետք։
Հեռուստաալիքը նշած է, որ այցը նախաձեռնած է ռուսական կողմը եւ նշած, որ, ըստ փորձագէտներու, պատուիրակութեան Մոսկուա կատարած այցը մատնացոյց կ'ընէ այն փաստը, որ Ռուսաստանի իշխանութիւնները «Հըզպալլա»-ն կ'ընդունին որպէս քաղաքական ուժ, որուն հետ ուղղակի կապի կարիք կայ։
Մարտի կէսին տեղի ունեցած էր «Հըզպալլա»-ի խորհրդարանական խմբակցութեան նախագահ Մուհամատ Ռաատի գլխաւորած պատուիրակութեան եռօրեայ այցը Ռուսաստան, որու ընթացքին կազմակերպութեան ներկայացուցիչները հանդիպած էին Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ:
Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարութիւնը դատապարտած էր Լաւրովի քայլը՝ ըսելով․ «Մենք աշխարհի բոլոր երկիրներուն կոչ կ'ընենք մերժելու քաղաքական եւ ռազմական թեւերու կեղծ բաժանումը եւ ամբողջ խմբաւորումը ճանչնալ որպէս ահաբեկչական կազմակերպութիւն: Միացեալ Նահանգներն այն այդպէս ալ կը ճանչնայ եւ աւելցուցած է օտարերկրեայ ահաբեկչական խմբաւորումներու ցուցակին մէջ»։