image

ՀՅԴ Երիտասարդութիւնը կը պատրաստուի համագաղութային բանակում մը կայացնել Կիպրոսի մէջ

ՀՅԴ  Երիտասարդութիւնը կը պատրաստուի համագաղութային բանակում մը կայացնել Կիպրոսի մէջ

Յառաջիկայ ամրան  ՀՅԴ երիտասարդութիւնը իր  համագաղութային բանակումը պիտի կայացնէ  Կիպրոսի  մէջ:  Բանակումը տեղի պիտի ունենայ Կիպրոսի Բլադրէս շրջանին մէջ: Այս մասին տեղեկութիւնը կը փոխանցէ Կիպրոսի      «Արձագանք»  պարբերականը:   Աղբիւրը նաեւ  կը նշէ, որ բանակումին ընդհանուր պատասխանատու նշանակուած է  Յակոբ Մանուկեան:   Կը նշուի,  որ բանակումին ընթացքին պիտի  ներկայացուին   գաղափարական, քաղաքական, հայ դատի աշխատանքներու    մասին   դասախօսութիւններ եւ  պիտի իրականացուին  տարբեր        միջոցառումներ: Նշենք, որ 1986 թուականին  նոյն վայրին մէջ կայացուած էր ՀՅԴ երիտասարդական   երկրորդ  բանակումը: