Յառաջիկայ ամրան ՀՅԴ երիտասարդութիւնը իր համագաղութային բանակումը պիտի կայացնէ Կիպրոսի մէջ: Բանակումը տեղի պիտի ունենայ Կիպրոսի Բլադրէս շրջանին մէջ: Այս մասին տեղեկութիւնը կը փոխանցէ Կիպրոսի «Արձագանք» պարբերականը: Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ բանակումին ընդհանուր պատասխանատու նշանակուած է Յակոբ Մանուկեան: Կը նշուի, որ բանակումին ընթացքին պիտի ներկայացուին գաղափարական, քաղաքական, հայ դատի աշխատանքներու մասին դասախօսութիւններ եւ պիտի իրականացուին տարբեր միջոցառումներ: Նշենք, որ 1986 թուականին նոյն վայրին մէջ կայացուած էր ՀՅԴ երիտասարդական երկրորդ բանակումը: