image
Հրատապ լուրեր:

Հոկտեմբերին նախատեսուած էր Շարլ Ազնաւուրի այցը Երեւան. Տ. Պալայեան

Հոկտեմբերին նախատեսուած էր Շարլ Ազնաւուրի այցը Երեւան. Տ. Պալայեան

ՀՀ արտաքին գործերու նախարարի մամուլի քարտուղար Տիգրան Պալայեան յայտնած է, թէ Շարլ Ազնաւուր Ֆրանկոֆոնիայի գագաթնաժողովին՝ 11-12 հոկտեմբերին պիտի ժամանէր Երեւան:

«Ան պիտի մասնակցէր «Ֆրանկոֆոնիայի գագաթնաժողովի միջոցառումներուն կազմակերպուելիք համերգի բացման»,- ըսած է ան:

Յիշեցնենք, սակայն, որ աշխարհահռչակ ֆրանսահայ շանսոնիէ Շարլ Ազնաւուրի մահուան լուրը աշխարհով մէկ տարածուեցաւ ժամեր առաջ: Ան 94 տարեկան էր:

 

  Շարլ Ազնաւուրը ծնած է  22 մայիսի 1924 թուականին, Փարիզի Սեն Ժերմէն տէ Պրէ թաղամասի մէջ, հայ գաղթականներ Միշա եւ Քնար Ազնաւուրեաններու ընտանիքի մէջ: Ազնաւուրի հայրը ծնած է Ախալցխա, արմատներով Էրզրումէն էր, իսկ մայրը՝ Քնար Պաղդասարեան, Իզմիրէն էր, Հայոց ցեղասպանութեան ականատես փրկուածներէն:

Ան իր հարցազրոյցներէն մէկուն ընթացքին խօսելով Հայաստանի մասին ըսած է․ «Պէտք է գիտակցինք, որ ունինք գեղեցիկ երկիր մը, որ պէտք է զարգացնել, այլապէս այն օր մը կրնայ անհետանալ այնպէս, ինչպէս որոշ հին քաղաքակրթութիւններ: Իսկ անոր պատասխանատուութիւնը կը կրեն հայերը»: