Հալէպ-(«Արեւելք»)- Հրթիռներ ինկած են Հալէպի «Նոր Գիւղ» շրջանին մէջ գտնուող Հայ Կաթողիկէ «Զուարթնոց» եկեղեցւոյ շրջակայքը: Ըստ նախնական տուեալներու, հրթիռները ինկած են այս առաւօտ եւ պատճառած նիւթական ծանր վնասներ: Հրթիռներու հետեւանքով բնակելի տուներ կրած են մեծ վնասներ, բայց բարեբախտաբար եւ մինչեւ այս պահը մարդկային տոյժերու մասին տեղեկութիւններ չեն փոխանցուիր: Կը հաղորդուի նաեւ, որ ծանր մարտեր տեղի կ'ունենան Հալէպի արեւելեան հատուածներուն մէջ , ուր սուրիական բանակը մտադիր է ամնէն գնով տիրապետել իսլամիստ զինեալներու կեդրոնատեղի դարձած այդ հատուածները: